2013-08-27 11:00:18

Դամասկոսի Ս. Սարգիս Եկեղեցին Եւ Թարգմանչաց Վարժարանը` Հրթիռարձակման Թիրախ. Յակոբ Սարգիսեան` Զոհուած


Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը տեղեկացնէ, որ երկուշաբթի օրուան ընթացքին այլ ապահովական զարգացումներու շարքին Պապ Շարքիի մօտ Տուելաա շրջանին մէջ ինկած հրասանդի հրթիռի պատճառով կը վիրաւորուի հայ մը: Իսկ կէսօրէ ետք, Դամասկոսի Պապ Շարքի թաղամասը ենթարկուեցաւ հրթիռարձակումի հարուածներու, որոնցմէ երկուքը հարուածեցին Դամասկոսի Հայ Առաքելական Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շէնքը եւ Թարգմանչաց ճեմարանը: Թեթեւօրէն վնասուած է եկեղեցւոյ գմբէթը, ցանկապատէն մաս մը, իսկ կարգ մը պատուհաններու ապակիները փշրուած են, վնասուած են նաեւ Ճեմարանի պատուհանները:
Պաշտօնական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ հրասանդի հարուածները վնասներ հասցուցին նաեւ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ շէնքերէն մէկուն ու յոյն ուղղափառ «Զէյթուն» եկեղեցւոյ շէնքին եւ պատճառեցին երկու տասնեակ վիրաւորներ: Հաստատենք, որ վիրաւորներու շարքին են երկու հայեր` եկեղեցւոյ պահակը` Թորոս Սարգիսեան, որ բուժում ստանալէ ետք վերադարձաւ, եւ Րաֆֆի Ճապուրեան, որ տակաւին հիւանդանոցը բուժում կը ստանայ, իսկ Յակոբ Սարգիսեան, որ առաջին հարուածին պատճառած վիրաւորներուն օգնելու փութացած էր, կարճ ժամանակ անց իր ստացած վէրքերուն պատճառով կը նահատակուի:
Պաշտօնական յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ` այսօր: Նշեալները անդամ են «Քաղաքացիական պաշտպանութեան փրկարար ուժերու» եւ այլ անդամներու կողքին կը հսկէին Պապ Շարքի կամարին եւ եկեղեցւոյ մուտքին: Նշենք, որ Պապ Շարքի թաղամասը կը նկատուին «հին Դամասկոս»-ի պատմական քաղաքի կեդրոնը, որ նշանաւոր է նաեւ իր հնագոյն կամարով, ուր կը գտնուին Ս. Սարգիս եկեղեցին եւ այլ եկեղեցիներ:
Նշենք, որ երէկ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին Ս. Սարգիս եկեղեցի այցելեց Դամասկոսի մէջ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Մեսրոպ Շիրինեան, որ փոխանցեց վեհափառ հայրապետին ցաւակցութիւնը նահատակ Յակոբ Սարգիսեանի ընտանեկան պարագաներուն: Վեհափառ հայրապետը նաեւ բարի եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.